2011-07-23 10:54:31

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ- Քահանայապետական Նշանակում


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը գերապայծառ Իվան Եուրքովիչը նշանակեց առաքելական դեսպան Ուզպեքիստանի մօտ։ Գերապայծառ Եուրքովիչ 2008էն ի վեր կը վարէր առաքելական դեսպանին պաշտօնը Դաշնակցային Ռուսիոյ մօտ։

Եւրոպացի Անկար Երեխաներու Հաւաք
Իտալիոյ Ուտինէ նահանգի Լինիանօ Սապիատօրօ քաղաքը, 23 - 30 յուլիս7 Մալթայի Ասպետական Իշխանութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է եւրոպացի անկար երեխաներու հաւաք մը՝ որուն 18 - 35 տարեկան 450 հոգիներ իրենց մասնակցութիւն կը բերեն։Օրակարգը կը նախատեսէ` մարզական, մշակութային եւ հոգեւոր զանազան ձեռնարկներ։ Մինչ չորեքշաբթի 27 յուլիսի առաւօտուն Բատովայի Սուրբ Անտոն Բատովացիի անուան Տաճարին մէջ, նախատեսուած է Սուրբ Պատարագ մը որուն կը նախագահէ Մալթայի Ասպետական Իշխանութեան Հոգեւոր առաջնորդը Կարտինալ Բաօլօ Սարտի։
Մալթայի Ասպետական Իշխանութեան նախաձեռնութեամբ՝ անկարներու այս 28րդ նախաձեռնութիւնը, տեղի կ՛ունենայ նաեւ՝ Իտալիոյ Միութեան հռչակման 150րդ տարեդարձի առթիւ , որուն յատուկ օր մը յատկացուած է 26 յուլիսին <<կեցցէ Իտալիան>> վերնագրով։







All the contents on this site are copyrighted ©.