2011-07-23 10:50:46

Մատրիտի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերը Կը Մօտենան


Մի քանի շաբաթէն, աւելի քան կէս միլիոն երիտասարդներ, աշխարհի բոլոր երկիրներէն, նոյնիսկ Մայր Հայրենիքէն` Հայաստանէն, ղեկավարութեամբ Յովսէփ ծայրագոյն վարդապետ Քէլէքեանին, Սպանիոյ մայրաքաղաքը պիտի հասնին (JMJ)ի Երիստասարդութեան համաշխարհային հաւաքին առթիւ որ տեղի պիտի ունենայ 16-21 օգոստոս 2011։
Անոնք ուրախութիւնը պիտի ունենան միասնաբար աղօթելու, երգելու, ու միատեղ իրենց հաւատքի դաւանանքը հռչակելու։ Մատրիտի հաւաքը` երիտասարդութեան համաշխարհային 12-րդ օրը, առիթ կ'ընծայէ սպանացիներուն որ երիտասարդ ուխտաւորներուն հաղորդեն իրենց մշակոյթը ու կրօնական հարստութիւնները, ճանապարհ խաչին եւ կէսօրուան հանգիստը։ Արդարեւ Մատրիտի JMJ-ի գործադիր տնօրէնը մատնանշած է թէ առաւօտեան կրօնուսուցումէն ետք, մշակութային յայտագիրը պիտի սկսի երեկոյեան ժամերուն։
Նշենք թէ կէսօրուան աւանդական հանգիստի պատճառը ՜՜անողորմ արեւն է՝՝, որուն ջերմաստիճանը կը բարձրանայ մինչեւ 40 աստիճան։
Խաչի Ճանապարհը - Ուրբաթ երեկոյեան երիտասարդ ուխտաւորները պիտի մասնակցին յատուկէն պատրաստուած՝ ճանապարհ խաչի մը, որուն կայաններու խորհրդանիշերը բերուած են Սպանիոյ բոլոր մարզերէն։
Ասիկա երկրորդ անգամն է որ JMJ-ն Մատրիտ կը կազմակերպուի։
Առաջինը եղաւ 1989ին։
Ամէն JMJ՝ իր իւրայատուկ յայտագիրը ունեցած է։ Այս տարի երիտասարդները կարելիութիւն ունին պատրաստուելու՝ 2011-ի՝ JMJ-ին, ֆեյսպուքի շնորհիւ, որուն արդէն իսկ արձանագրուած են, աւելի քան 300 հազար ուխտաւորներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.