2011-07-23 11:09:28

Գաղթականներու Եւ Փախստականներու Քահանայապետական Խորհուրդի Պատգամը.


՜՜ Զբօսաշրջիկութիւնը Առանձնայատուկ Առիթ Մըն Է Քրիստոսը Ճանչցնելու՝՝։
''Զբօսաշրջիկութիւնը եւ մշակոյթներու մօտեցումը'' վերտառութեամբ, Գաղթականներու եւ Փախստականներու Քահանայապետական Խորհուրդի ուղղած պատգամին մէջ, զբօսաշրջիկութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, 27 սեպտեմբեր 2011-ին՝ կը ներկայացնէ զբօսաշրջիկութիւնը որպէս առանձնայատուկ առիթ մը հանդիպում ունենալու՝ զանազան մշակոյթներու հետ եւ խօսելու Քրիստոսի մասին։
ֆիտես` կաթողիկէ լրատու գործակալութեան գնահատումով տարեկան աւելի քան 900 միլիոն հոգի միջազգային ճամբորդութիւն կը կատարէ։ Զբօսաշրջիկութիւնը ուստի կը ներկայանայ բարեպատեհ առիթ մը ճանչցնելու զանազան մշակոյթներ, աւանդութիւններ, տեսակէտներ ու պատմութիւններ։ Այս նպատակին հասնելու համար հարկաւոր է տրամադրութիւնը ունենալ լսելու, հասկնալու ու բացուելու, առանց նախապաշարումի, լաւագոյնս ըմբռնելու ՜՜Ուրիշը՝՝։
՜՜Սորվիլ՝ ուրիշը ճանչնալ նաեւ՝ ինքզինք ճանչնալ՝՝ Հովուութեան զբօսաշրջիկութիւնը ունի որպէս առաքելութիւն կրթել եւ պատրաստել քրիստոնեաները, որպէսզի մշակոյթներու հանդիպումը պտղաբեր ու արդիւնաբեր ըլլայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.