2011-07-22 12:11:59

Ռատիօ Վատիկանի 80երորդ Տարեդարձի առթիւ,Ճանչնանք Վատիկանի Ռատիոկայանի Յայտագիրները։ Այսօր կը խօսինք Վիէթնամական Հաղորդաժամի մասին։


Ռատիօ Վատիկանի Վիէթնամական Յայտագիրը սկիզբ կ՝առնէ 1 Յունուար 1981-ին, 23 վայրկեան տեւողութիւն ունեցող հաղորդումով մը, որ նոյն օրը կը կրկնուէր նաեւ երեկոյան։ Հաղորդաժամի հիմնադիրը եւ առաջին պատասխանատուն եղաւ Յիսուսեան հայր Սէսթօ Քուէրչէթթի ,որ եղած էր Միսիոնար Վիէթնամի մէջ ու ապա Վիէթնամի Յիսուեան կրօնաւորներու մեծաւորը,14 տարի շարունակ,այսինքն մինչեւ իր վտարումը երկրէն 1976-ին, համայնավար կառավարութեան որոշումով։
Վիէթնամական հաղորդաժամը սկիզբի շրջանները կը բովանդակէր լուրեր , ապա տեղեկութիւններ՝ Սուրբ Աթոռի գործունէութեան ու Տիեզերական Եկեղեցւոյ մասին, օրուայ Աւետարանի մեկնութիւնը եւ շաբաթը անգամ մը՝ աշխարհի ամենակարեւոր դէպքերու մեկնութիւնը ։
Ութը տարի ետք այսինքն 1991էն սկսեալ ,շնորհիւ գիտարուեստական զարգացումներու, Վիէթնամական առօրեայ հաղորդումներու տեւողութիւնը 23 վայրկեանէն անցաւ 42 վայրկեանի,այսինքն գրեթէ կրկնապատկուեցաւ ձայնասփռումի տեւողութիւնը, իսկ անձնակազմը մնաց միշտ նոյնը, չորս խմբագիրներ եւ կարգ մը արտաքին գործակիցներ ։ Այս շրջանին է որ հաղորդաժամը կը սկի ճոխանալ կազմաւորումի յայտագիրներով եւ քրիստոնէական վկայութիւններով , կարենալ ընդառաջելու համար Վիէթնամ ապրող ժառանգաւորներու,կրօնաւորներու ու աշհարականներու պահանջքներուն,քանի անոնք իրենց տրամադրութեան ներքեւ չունէին կրօնագիրքեր կամ բնագիրներ երկրի վարչակարգի պարտադրած սահմանափակումներու հետեւանք։

Իսկ վերջին շրջաններուն արդի գործիքներու գործածութեան նշանակալից տարածումին հետեւանք, ներկայիս Ռատիօ վատիկանի Վիէթնամական Հաղորդաժամը իր ձայնը լսելի կ՜ընէ յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ,գոհունակութիւն տալով հոն ապրող բազմաթիւ վիէթնամցիներու,նաեւ Վիէթնամի մէջ ալ 2007-էն սկսեալ շնորհիւ համացանցի տարածումին եւ ցանցերու զարգացումին , նաեւ Ռատիօ Վատիկանի Կայքէջի հաստատումին. նոյնիսկ գիւղական վայրերու բնակիչներն ալ դարձած են Ռատիօ Վատիկանի Վիէթնամական Հաղորդաժամի հաւատարիմ ունկնդիրները։








All the contents on this site are copyrighted ©.