2011-07-22 13:30:09

Հիւսիսային Սուտանի Քրիստոնեաներու Կացութիւնը Կրնայ Վատթարանալ։


Խարթում թեմի տեղապահը՝ Տանիէլ Ատվոք, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց թէ բոլոր այն քրիստոնեաներուն, որոնք ընտրեցին հիւսիսային Սուտանը, կացութիւնը կարող է ժխտական դառնալ , քանի որ նախագահ Օմար Պաշիր մտադիր է իր երկիրը դարձնել մահմետական, եւ օրէնսդրութիւնը իսլամական շարիայի հետեւիլ եւ արաբերէնը դառնայ երկրին պաշտօնական լեզուն։ Նշենք թէ բազմաթիւ հարաւային սուտանցիներ, որոնք Հիւսիսին մէջ կ'ապրէին, նախընտրեցին հեռանալ երկրէն ու վերադառնալ Հարաւ հակառակ ներկայի դժուար պայմաններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.