2011-07-22 13:01:45

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ


Հայ երաժշտահան Նաթան Ամիրխանեան
Հայազգի արուեստագէտը Նաթան Աբրահամի Ամիրխանեան ծնած է Կ. Պոլիս 1872-ին փոքր հասակէն տեղափոխուած է Թաւրիզ ապա անցած Թիֆլիս։
Իր երաժշտութեան ուսումը կատարելագործած է Հելսինքիի Երաժշտանոցին մէջ։
1897-ին մեկնած է Միւնիխ ուր իր ուսումը շարունակած տեղւոյն երաժշտական ակադեմիայի մէջ։ Իր ուսումը աւարտելէն ետք շարք մը համերգներով հանդէս եկած է Եւրոպայի զանազան քաղաքներու մէջ, ապա մեկնած թ Օտեսա ուր աշխատած է որպէս երգեհոնահար եւ երաժշտութեան փրօֆէսսէոր։ Ան եղած է նաեւ Օտեսայի օփերայի փեխ ղեկավար։
Մեկնելով ապա Օտեսայէն անցած է Պաքու ուր ստեղծած է հայկական երգչախումբ մը եւ տուած համերգներ։ Այնուհետեւ գացած է Պուլկարիա, իր ծնողներուն մօտ, նշանակուած է Սոֆիայի օփերայի նուագախումբի ղեկավար։
1912-ին՝ ԱՄՆ-ի Պոսթոն քաղաքին մէջ ղեկավարած է 360 հոգիէ բաղկացած երգչախումբ մը։ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին ան վերադարձած է Պուլկարիա ուր ղեկավարած Սոֆիայի օփերայի նուագախումբը։
Այս շրջանին գրած է իր գլուխգործոց «Իվանքօ» օփերան որ առնուած՝ Պուլկարական պատմական կեանքէն, որը 1932-33 թատերաշրջանին մեծ յաջողութեամբ բեմադրուած է ։ Ունի տարբեր բնոյթի բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, որոնցմէ յիշենք շարք մը բանաստեղծութիւններու եղանակաւորումը։
Գրել է նաեւ ՜՜Հաճի Տիմիթր՝՝ պալէն եւ ՜՜Ռալիցա՝՝ օփերան դարձեալ առնուած Պուլկարական կեաքէն։
Հայազգի արուեստագէտը Նաթան Ամիրխանեան մահացած է 1949-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.