2011-07-21 14:46:40

Ունիչէֆի Եւ ֆաօ-ի կոչը Դիմագրաւելու Սոմալիայի Մէջ Տիրող Սովի Հարցը։


Ունիչէֆը կոչ կ՛ուղղէ հանրութեան 31.8 միլիոն տոլարի դրամահաւաքի համար յառաջիկայ երեք ամիսներու ընթացքին, օգնութեան հասնելու` Ափրիկեան Ծոցի Սոմալիայի` Գէնեայի` Եւթոպիայի եւ Ճիպութի մանուկներուն որ սովութեան զոհ են ու մարդկային մեծ տաքնապ մը կ՛ապրին։
Սոմալիայի մէջ - ըստ Ունիչէֆի յայտարութեան - 2011-ի՝ առաջին ամիսներու ընթացքին մահացած են 400 մանուկներ, իսկ 100 հազար մանուկներ բուժումի ենթարկուած՝ անօթութեան պատճառաւ։

Ֆաօ-ի միջազգային կազմակերպութիւնն ալ իր կարգին 20 յուլիսին զօրաշարժի կոչ մը հրատարակած է, որուն մէջ կ՛ակնարկէ Ափրիկեան Ծոցին մէջ տիրող՝ մարդկային լայնատարած ողբերգութեան։ ֆաօ-ի ընդհանուր Տնօրէն Ժագ Տիուֆի գնաահատումով՝ հարիւրաւոր անձեր սովէն կը տառապին ու կը մահանան եւ եթէ անմիջական օգնութիւններ չհայթայթուին շատ մը ուրիշներու կեանքը վտանգի կ՛ենթարկուի։

Նշենք որ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի ընթացքին, կոչ ուղղած էր բարի կամք ունեցող մարդոց, օգնութեան հասնելու՝ Սոմալիայի մէջ տառապող մեր եղբայր եւ քոյրերուն>> իսկ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասը անցեալ օրերուն մէկ Միլիոն Եւրոյի օժանդակութիւն յատկացուցած է Ափրիկեան Ծոցի երկիրներու որպէս բնակչութեան օգնութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.