2011-07-21 14:54:32

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանը եւ Նուրհան Արք. Մանուկեանը։


Չորեքշաբթի օրը՝ (20 յուլիսին) առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Վրաստանի կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոս Ռաֆայէլ Մինասեանը: Գերապայծառը Վատիկանի կողմէ յիշեալ շրջաններու առաջնորդ իր նշանակումէն ետք, այցելած էր վեհափառին, եւ անցնող կիրակի անոր ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցած էր Պէյրութի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ:
Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոսին կ՛ընկերանար Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան լուսարարապետ Նուրհան արք. Մանուկեան: Հանդիպումին նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսուչ` Նարեկ արք. Ալեէմեզեան:
Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն միջեւ փոխյարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը զարգացնելու կարելիութիւններուն շուրջ: Վեհափառը շեշտը դրաւ միասնականութեան անհրաժեշտութեան վրայ։










All the contents on this site are copyrighted ©.