2011-07-21 14:54:49

«Սուրիոյ Հայ Ժողովուրդը Կը Մնայ Կողքին՝ Սուրիացի Ժողովուրդին Եւ Բարեկարգութեան՝՝ Կ՝ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոսը։


Չորեքշաբթի, 20 յուլիսի առաւօտուն, Բերիոյ թեմի առաջնորդ` Շահան եպս. Սարգիսեան եւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները աշխատանքային հանդիպում ունեցան Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Հանդիպման առանցքը ընդհանրապէս Սուրիոյ ներքին կացութիւնն ու յատկապէս Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներն էին:
Առաջնորդը եւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները վեհափառին մանրամասն զեկուցեցին համայնքի կացութեան առնչուած հարցերուն ու աշխատանքներուն շուրջ` միաժամանակ արժեւորումը կատարելով Սուրիոյ մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան:
Վեհափառը գոհունակութեամբ իմանալէ ետք Ազգային առաջնորդարանի եւ իշխանութեան ու յարակից մարմիններուն կողմէ կատարուող աշխատանքներուն մասին, շեշտեց ըսելով, թէ` «մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք, միշտ ըլլալով երախտապարտ այն ջերմ սիրոյն, զոր ցոյց տուին մեզի սուրիացի մեր եղբայրներն ու քոյրերը Ցեղասպանութենէն ետք: Անոնք իրենց հացն ու ջուրը բաժնեցին մեզի հետ` մեզ նկատելով ո՛չ միայն բարի դրացի, այլեւ լիիրաւ քաղաքացի սուրիական հայրենիքին: Սուրիոյ հայ ժողովուրդը միշտ իր պարտականութիւնը կատարեց եւ կը շարունակէ կատարել սուրիական հայրենիքի վերելքին ու անոր ամբողջականութեան պահպանման: Այսօր, երբ դժուարութիւններու ու մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի Սուրիան, հայ ժողովուրդը երախտագիտութեան ու պարտաւորութեան նոյն զգացումներով պէտք է ամբողջական զօրակցութիւն արտայայտէ սուրիացի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ բարեկարգութիւններուն նկատմամբ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.