2011-07-20 13:02:11

Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասը 1 Միլիոն Եւրոյի Օժանդակութիւն Կը Յատկացնէ Ափրիկեան Ծոցին։


Ըստ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի յայտարարութեան, ընդառաջելով Սրբազան Քահանայապետի կոչին օգնութեան հասնելու Ափրիկեան Ծոցին բնակչութեան որ թիրախ է երաշտի ու մահացու սովի, Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի Նախգահութիւնը եւս կը հրաւիրէ հաւատացեալները աղօթելու՝ իրենց եղբայրակիցներուն համար, եւ նեցուկ կանգնելու Իտալական գարիթասի զօրակցութեան նախաձեռնութիւններուն։
Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասը ապա իբրեւ անմիջական օգնութիւն մէկ միլիոն Եւրօ տրամադրած է Սոմալիայի տառապող բնակչութեան։ Սոյն գումարը պիտի փոխանցուի տեղական Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասին ու ժողովրդապետութիւններուն, կարելիութիւն տալով անոնց հոգալու ժողովուրդի պահանջները։








All the contents on this site are copyrighted ©.