Իսրայէլեան ծովուժը երէկ պաղեստինցիներուն զօրակցող եւ Կազա ուղղուող ֆրանսական նաւը
գրաւեց եւ զայն առաջնորդեց Աշտոտ նաւահանգիստը:
Իսրայէլեան ծովուժէն զինուորներ
բարձրացան ֆրանսական նաւը: Ըստ իսրայէլեան բանակի բանբերին, գործողութեան ընթացքին զոհեր
կամ վիրաւորներ չեն արձանագրուած: 17 ճամբորդներ փոխադրող նաւը կիրակի օր յունական ջուրերէն
մեկնելու ատեն յայտարարած էր, որ եգիպտական նաւահանգիստ մը կ՛ուղղուի, սակայն աւելի ուշ
ըսած էր, որ իր ուղղութիւնը կը փոխէ դէպի Կազա: