2011-07-19 12:50:03

Գոր Ունում - Մէկ Սիրտ Քահանայապետական Խորհուրդը 40 Տարեկան Է։ Ողորմութիւն ու Աւետարանացում


Գոր Ունում - Մէկ Սիրտ - Քահանայապետական մարմինը կ՛ամբողջացնէ իր 40 ամեակը։ Քահանայապետական բարեսիրական այս մարմինը հաստատուած էր Պօղոս Զ.ի օրով 15 յուլիս 1971ին՝ արտայայտելու համար Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը հանդէպ չքաւորներուն, նպաստելու մարդկային եղբայրսիրութեան եւ յայտնելու Քրիստոսի ողորմութիւնը։ Գոր Ունումի նախագահ Կարտինալ Սարան Վատիկանի Կիսապաշտօն թերթ՝ Օսսերվաթորէ Րոմանոյի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին նկատել տուած է որ Գոր Ունում Բարեսիրական մարմինը ծնունդ առած էր դժուար պայմաններու մէջ եւ եկեղեցւոյ ու հասարակական կեանքի յեղաշրջումի ենթարկուած՝ դարաշրջանի ընթացքին։
Արեւմտեան աշխարհը, ապացուցուած տիպարներու դէմ ընդիմութեան շարժումներու վայր մըն էր եւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ. համաժողովը շեշտը կը դնէր եկեղեցւոյ ու աշխարհի միջեւ կապեր հաստատելու , եւ այս ուղղութեամբ է որ ծնունդ առաւ Գոր Ունում՝ Մէկ Սիրտ քահանայապետական բարեսիրական այս հաստատութիւնը` որ Սուրբ Աթոռի հովանիին տակ դառնայ հանդիպումի եւ երկխօսութեան վայր, ինչպէս նաեւ համակարգելու՝ կաթողիկէ այս բարեսիրական հաստատութիւններու գործունէութիւնը։ Աւելի ուշ ՅՊԲ երջանկայիշատակ Քահանայապետը եւս կը հաստատէր սերտ կապը ընդմէջ ողորմութեան եւ աւետարանութեան, եւ վերջերս Պենետիկտոս ԺԶ եւս մատնանշած էր թէ ողորմութիւնը մարդս կ՛օգնէր զԱստուած գտնելու։
Տարիներու ընթացքին Գոր Ունումի գործունէութիւնը դարձաւ ընդարձակ եւ 2004էն ի վեր Գոր Ունումի խորհուրդը կը համագործակցի Գարիթաս Ինթերնացիոնալիսի հետ ունենալով որպէս նպատակակէտ՝ համագործակցութիւնը ի Քրիստոս, որպէսզի մարդասիրական գործունէութիւնը ներդաշնակութեամբ ընթանայ եկեղեցւոյ վարդապետութեան հետ յիշելով որ Աստուծոյ բացակայութիւնը` շատ անգամ` մարդուն ամենէն դաժան դժբախտութիւններէն մին է եւ մարդկային ցաւին արմատը։








All the contents on this site are copyrighted ©.