2011-07-18 13:09:30

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ։


18 - 24 յուլիս Ռումանիոյ Սբագով քաղաքի մէջ տեղի կ՛ունենայ համամիութենական Համագումար մը <<Քրիստոնէութիւնը արեւելքէն արեւմուտք։ Յիսուսեան միաբանութեան խորհրդածութիւն>> խորագրով, նախաձեռնուած ու կազմակերպուած Յիսուսեան միաբանութեան կողմէ։

Երկուշաբթի 18 յուլիսը ՄԱԿ-ի կողմէ յայտարարուած է, Նէլսոն Մանտէլայի անուան ազատութեան, արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան միջազգային օրը։
Այս որոշումը առնուած էր 2009-ին, ի պատիւ՝ Հարաւային Ափրիկէի նախկին Նախագահ Նէլսոն Մանտէլային, իրեն ազատութեան, արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան ուղիով տարած ժրաջան գործունէութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.