2011-07-18 13:08:43

Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրը Խորհրդանշող Խաչն ու Սրբապատկերը Ժամանեցին Մատրիտի Սուրբ Կոյս Մարիամ Թագուհի Տիեզերաց Տաճար ։


Երկուշաբթի 18 յուլիսի երեկոյեան Մատրիտի Սուրբ Կոյս Մարիամ Թագուհի Տիեզերաց Տաճարը կը ժամանէ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը խորհրդանշող Խաչն ու Սրբապատկերը։
Այս առթիւ Մատրիտի առաջնորդը՝ արքեպիսկոպոս Կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Րօուքոն կը գլխաւորէ աղօթքի հսկումի արարողութիւն մասնակցութեամբ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ կազմակերպիչ մարմնի անդամներուն։
Նշենք թէ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը խորհրդանշող Խաչն ու Սրբապատկերը 14 սեպտեմբեր 2009ին մեկնած էին այս նոյն վայրէն ու հանգրուան առ հանգրուան կանգ առած Սպանիոյ զանազան թեմերուն մէջ։ Յաջորդ օրերուն եւ մինչեւ Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուայ սկիզբը, Սպանիայի Թեմերը աղօթքի եւ Սուրբ Խաչի երկրպագութեան յատուկ օր մը պիտի նուիրեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.