ԵԱՀԿ-ի Համանախագահները այսօր Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Նախագահ Սարգսեանի Հետ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ռոպըրթ Պրատքէ (Միացեալ Նահանգներ), Պեռնար Ֆասիէ
(Ֆրանսա) եւ Իկոր Փոփով (Ռուսիա) Պաքուէն մեկնելով հասան Երեւան: Ազրպէյճանական «Թրենտ»
լրատու գործակալութիւնը շաբաթ օր հաղորդեց, որ Ռոպըրթ Պրատքէ Պաքուի մէջ յայտարարած է
որ ՝՝Միացեալ Նահանգներ հաւատարիմ կը մնան տագնապի շուրջ խաղաղ համաձայնագիրի ձեռքբերման՝՝:
«Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն զրոյցներ
ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ` անոնց կոչ ուղղելով վաւերացնելու
ղարաբաղեան տագնապի լուծման խաղաղ համաձայնագիրի հիմնարար սկզբունքները», ըսած է Ռոպըրթ
Պրատքէ: