Ջերմ մթնոլորտի մէջ անցած են ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հանդիպումները
Յունաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Ան տեսակցութիւններ ունեցած
է հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի, վարչապետ Եորղոս Փափանտրէուի, արտաքին
գործոց նախարար Սթավրոս Լամպրինիտիսի, եւ տնտեսութեան նախարար Էվանկելոս Վենիզէլոսի հետ:
Այսօր Երկուշաբթի Գլինթըն կը տեսակցի ՝՝Նոր Հանրապետութիւն՝՝ կուսակցութեան նախագահ
Անտոնիս Սամարասի հետ: Գլինթըն ամերիկեան կառավարութեան զօրակցութիւնը յայտնեց Յունաստանի
Պետութեան, համոզում արտայայտելով, որ կառավարութիւնը ճիշդ ուղիի մէջ է: Յունաստանի հանրապետութեան
նախագահ Գարոլոս Փափուլիաս իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնած է նախագահ Պարաք Օպամայի
զօրակցական յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ: Միւս կողմէ երէկ գիշեր, Աթէնքի կեդրոնէն
ներս բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցած է Հ. Քլինթընի այցելութեան դէմ: