2011-07-18 13:26:33

«Ես Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան Զաւակ Եմ Եւ Այս Միաբանութեան Հոգիով Ծառայեցի Ու Պիտի Ծառայեմ Հայ Եկեղեցւոյ Ու Համայնքիս Զաւակներուն»


Կ՝ըսէ Հայաստանի, Վրաստանի Եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդը' Արհի. Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեան։
Ձեռամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս պատրիարքին, շաբաթ, 16 յուլիսի առաւօտեան ժամը 10-ին Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ- Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն՝ հայր Ռաֆայէլ Թ. Ծ. վրդ. Մինասեանին` իբրեւ նոր նշանակուած տիտղոսաւոր արքեպիսկոպոս Կեսարիոյ եւ առաջնորդ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց` Հայաստան, Վրաստան, Ռուսիա…
Արարողութեան ընթացքին պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա կարդաց հայր Ռաֆայէլի նշանակման գծով Պենետիկտոս ԺԶ. պապի կոնդակը:
Արարողութեան աւարտին նորօք ձեռնադրեալ արքեպիսկոպոսը տուաւ իր անդրանիկ պատգամը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ պատուած են զինք: Ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ Աստուծոյ, որ արժանի նկատեց զինք սոյն բարձր կոչումին եւ քրիստոնեայ ստեղծելով զինք բարեպաշտ ընտանիքի մը մէջ դրաւ:
«Հպարտ եմ իմ ինքնութեամբս եւ պատկանելիութեամբս», հաստատեց գերապայծառ Մինասեան: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապին` խոստանալով հաւատարիմ մնալ ընդհանրական եկեղեցւոյ ուսուցումներուն: Ան նաեւ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան, որմէ ստացած մտքի, սրտի եւ հոգիի կերտումին շնորհիւ կը գտնուէր ուր որ է հիմա: «Զմմառու Արծիւեան միաբանութիւնը, երկար դարերու ընթացքին, ի հեճուկս կեանքի անողորմ դժուարութիւններուն, սովին եւ զրկանքին կը շարունակէ անվերապահօրէն ծառայել հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին», հաստատեց գերապայծառ Մինասեան` աւելցնելով, որ միաբանութիւնը հալածուած եւ նահատակուած է հայ ազգի ճակատագիրին հետ միասին` սրբութեան խորանին հասցնելով սուրբեր եւ անհամար սրբակենցաղ հայ կղերականներ:
«Այս միաբանութեան զաւակ եմ եւ այս միաբանութեան հոգիով ծառայեցի ու պիտի ծառայեմ հայ եկեղեցւոյ եւ համայնքիս զաւակներուն», եզրափակեց Ռաֆայէլ արք. Մինասեան:
Արարողութեան ընթացքին իր շնորհաւորութեան խօսքը արտասանեց նաեւ Վատիկանի մէջ արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի:
Յայտնենք, որ գերապայծառ Մինասեան եպիսկոպոսական ձեռնադրութենէն ետք իր անդրանիկ պատարագը մատուցեց ` կիրակի օրը, 17 յուլիսին` Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.