2011-07-17 09:59:02

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ցաւ Կը Յայտնէ ի Տես Չինաստանի Մէջ Տեղի Ունեցած Եպիսկոպոսական Անօրէն Ձեռնադրութեան։


Սուրբ Աթոռը մտահոգութիւն եւ ցաւ յայտնած է ի լուր Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած եպիսկոպոսական անօրէն նոր ձեռնադրութեան, կը կարդանք Սուրբ Աթոռի կողմէ հրատարակուած յայտարարութեան մը մէջ։
Հայր Ճուզէբբէ Հուանկ Պինկզհանկի անցեալ 14 յուլիսի ձեռնադրութիւնը` անվաւեր ձեռնադրութիւն մըն է - կը նշէ Սուրբ Աթոռը - որով չ՛ունէր Քահանայապետական հրամանագիր ու ար այդ վերոյիշեալ քահանան ըստ Լատին Եկեղեցւոյ Կանոնագրին նզոված կը նկատուի կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ եւ ոչ մէկ իշխանութիւն ունի թեմական կաթողիկէ հասարակութեան վրայ ։
Սուրբ Աթոռը յաճախակիօրէն զգուշացուցած էր Հայր Հուանկ Պինկզհանկը Չինաստանի կառավարութեան առաջարկին ընդարաջելու եւ մերժելու եպիսկոպոսական անօրէն ձեռնադրութիւնը։
Յայտարարութեան մէջ Սուրբ Աթոռը կը հաստատէ Չինաստանի Կաթողիկեներու իրաւունքը ազատօրէն ապրելու իրենց հաւատքը ու գործելու իրենց խղճի համաձայն, մնալով միութեան մէջ Սուրբ Աթոռի` Սրբազան Քահանայապետի ու Տիեզերական եկեղեցւոյ հետ։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր խոր ցաւը յայտնած է Չինաստանի մէջ կաթողիկեներու վերապահուած այս վերաբերմունքին համար մաղթելով դժուարութիւններու գերազանցումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.