2011-07-17 08:19:28

Հայ ազգի Նշանաւոր Դէմքեր։


Սրբուհի Գալֆայեան (1822-1889). Կուսակրօն հայուհին, որ որբերու պահապան հրեշտակը եղաւ ։
Յուլիսի 4էն 5, 1889 թուականին կը վախճանէր նոր ժամանակներու Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կուսակրօն հայուհիներուն ամէնէն անձնուէրը եւ սրբատիպը։ Սրբուհի արդարեւ կեանքի կոչեց Գալֆայեան Քոյրերու Միաբանութիւնը, որոնք մենաստանի մէջ չապրեցան սակայն, Սրբուհի Մայրապետի անխոնջ ճիգերով ստեղծեցին Խասգիւղի Որբանոցը Պոլսոյ մէջ, եւ նուաճեցին որբահաւաքի ու որբախնամի օրինակելի՛ աւանդ, որ մինչեւ մեր օրերը ներշնչման աղբիւր կը մնայ Թուրքիոյ հայութեան կեանքին մէջ։
Սրբուհի Նշան Գալֆայեանը ծնած է 1822ի Փետրուար 17ին, Պոլսոյ գիւղերէն Գարթալի մէջ։ Գալֆայեան Նշան աղայի վեց զաւակներուն անդրանիկն էր։ 12 տարեկանին կորսնցուց հօրը: Կենսագիրները կը պատմեն, որ Սրբուհիի մայրը կ՝ ուզէր ամուսնացնել 14 տարեկան իր դուստրը, բայց բախեցաւ Սրբուհիի բուռն դիմադրութեան: Սրբուհի որոշած էր կուսանոց մտնել: Մօր հետեւողական փորձերն ու ճիգերը ապարդիւն անցան:

1837ին, Սրբուհի ծանրօրէն հիւանդացաւ ժանտախտով: Շատ ծանր վիճակի մէջ, գրեթէ մահուան մահիճին պառկած, երբ կը թուէր, թէ ոչ մէկ յոյս կար ապրելու, Սրբուհի խնդրած է մօրը խոստանալ, որ եթէ ապաքինի, մայրը ընթացք տայ իր գերագոյն փափաքին եւ համաձայնի, որ դուստրը կուսանոց մտնէ: Այդպէ՛ս, երբ շաբաթ մը ետք Սրբուհի կþապաքինի, մայրը տէր կը կանգնի իր խոստումին. կը ծախէ իրենց Գարթալի ունեցուածքը եւ դստեր ու զաւակներուն հետ կը տեղափոխուին Պոլիս, հօրեղբոր՝ Աղաթոն Գրիգոր էֆենտիի տունը, ուր եւ Սրբուհին 1840ին, հանդիսաւոր ուխտով, հագուեցաւ Մայրապետութեան սեւ վերարկուն ու կուսական քողով ծածկեց իր երիտասարդութիւնը:
Կենսագիրները նաեւ կը վկայեն, որ Սրբուհի Գալֆայեան ձեռագործութեան, յատկապէս այդ արուեստի օյա, տիվա եւ սըրմա ոճերուն անզուգական վարպետ մըն էր: Այդ աշխատանքով կրցաւ մեծ գումար հաւաքել եւ Խասգիւղի մէջ տուն գնել իրենց համար: 1850ին, նոյն այդ տան մէջ, Սրբուհի բացաւ երկսեռ աշխատանոց մը եւ հաւաքեց որբ աշակերտներ ու անոնց սորուեցուց իր արուեստը: Այդ աշակերտներէն շատերը հետագային յայտնի վարպետներ դարձան՝ հպարտանալով «խարթալցի մայրապետին աշակերտը» ըլլալու իրենց տիտղոսով:

1865ին, բռնկեցաւ քոլերայի համաճարակ մը, որ մահ սփռեց ամէնուրեք: Երեք ամիս տեւած պատուհասը հազարաւոր մարդոց կեանքը խլեց‘ առաջացնելով որբերու, այրիներու եւ որդեզուրկ ծնողներու հսկայ բանակ մը Կþըսուի, որ ճիշդ այդ ժամանակ ան յղացաւ բոլոր որբերուն մէկ տանիքի տակ հաւաքելու եւ անոնց հոգ տանելու գաղափարը: Մայրապետը, ձեռքը ունենալով Ներսէս եպիսկոպոս Վարժապետեանի ապահոված Գալֆայեան Միաբանութեան ստեղծման վկայագիրը, կը սկսի հանգանակութիւն կատարել։ Այսպիսով, 1866ին հիմնադրուեցան Գալֆայեան Միաբանութիւնն ու Գալֆայեան Որբանոց¬վարժարանը‘ հաստատուելով Խասգիւղի Սանտալճի փողոցին վրայ գտնուող համեստ բնակարանի մը մէջ։

1870ին, Սրբուհի Մայրապետը իր 20 որբուհիներով յաջողեցաւ արժանանալ Սուլթան Ազիզի հետ տեսակցութեան եւ ապահովել 50 ոսկի նուիրատուութիւն եւ օրական 45 ֆունտ հաց ու 23 ֆունտ միս որբերուն համար:
Իսկ 1871-ին, մասնակցելով Խասգիւղի Տաքէսեան փառավոր առանձնատան աճուրդին, Սրբուհի Մայրապետը 950 ոսկի առաջարկելով յաջողեցաւ յաղթել մրցակիցներուն եւ տիրանալ կալուածին: Այդ գումարը առաջարկած պահուն՝ Մայրապետը գրպանը ունէր ընդամէնը 110 փարա: Բայց ան յաջողեցաւ, 8 օրուայ ընթացքին, հանգանակութեամբ 650 ոսկի հաւաքել, իսկ մնացած 300 ոսկիի գումարը փակել յաջորդ երկու ամսուան ընթացքին: 1871ի Մարտ 1ին որբուհիները հանդիսաւոր կերպով մուտք գործեցին Տաքէսեան վերանորոգուած առանձնատունը, որ այդ օրէն յայտնի դարձաւ իբրեւ Գալֆայեան Որբանոց: Այնուհետեւ, Մայրապետը ձեռնամուխ եղաւ նաեւ վարժարանի հիմնադրումին, որպէսզի որբուհիները ստանան բաւարար կրթութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.