2011-07-16 11:32:54

Սուրբ Երկրի Քրիստոնեաներուն Մասին Լոնտոնի Մէջ Միջազգային Խորհրդաժողով


Յառաջիկայ 18 եւ 19 յուլիսին Լոնտոնի մէջ տեղի կ՛ունենայ միջազգային խորհրդաժողով մը Սուրբ Երկրի Քրիստոնեաներուն դիմագրաւելիք ապագայ մարտահրաւէրներու մասին։ Խորհրդաժողովը կազմակերպուած է Ուէսթմինսդերի Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Վինսէնտ Նիքոլզի ու Անկլիգան եկեղեցւոյ Գանթէրպուրի առաջնորդ՝ գերապայծառ Րոման Ուիլլիամի կողմէ։ Խորհրդաժողովին կը մասնակցին Մեծն Պրիտանիայէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Եւրոպայէն եկեղեցականներ ու քաղաքագէտներ, ինչպէս նաեւ՝ սուրբ երկրէն քրիստոնեայ, հրեայ եւ մահմետական հաւատացեալներ, միասին խորհրդածելու՝ շրջանի քրիստոնեայ հասարակութեան իրավիճակի մասին։
Այս առթիւ Անկլիգան եկեղեցւոյ Գանթէրպուրի առաջնորդը կոչ մը ուղղած է , աւելիով մտահոգուելու եւ զօրավիգ կանգնելու Սուրբ Երկրի քրիստոնեաներուն որոնք, ըսած է ան, կը չարչարուին եւ կարիքն ունին մեր օժանդակութեան։ Նշենք որ Խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ՝ Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը՝ Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան։








All the contents on this site are copyrighted ©.