2011-07-16 11:30:33

Գերապայծառ Գլաուտիօ Կուճէրոթթիի Անուանումը որպէս Պիելորուսիայի Առաքելական Նուիրակ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Չիլէի նոր առաքեալական Նուիրակ անուանած է գերապայածառ Իվօ Սգաբոլոն որ մինչեւ օրս եղած էր Րուանտայի առաքեալական նուիրակը։
Սրբազան Հայրը նաեւ անուանած է Գերպայածառ Գլաուտիօ Կուճէրօթթին որպէս Պիէլորուսիոյ Առաքեալական Նուիրակ։ 55-ամեայ Իտալացի Գերապայածառ Կուճէրօթթին՝ 2002 էն վեր կը վարէր Վրաստանի , Հայաստանի եւ Ազըրպէճանի Առաքելական Նուիրակի Պաշտօնը։ Ան երկար տարիներու ընթացքին, աշխատած էր նաեւ Արեւելեան Ժողովի մէջ եւ հմուտ է հայ եկեղեցւոյ պատմութեան։Գերապայածառ Կուճէրօթթին որպէս Պիէլորուսիոյ Առաքելական Նուիրակ կը յաջորդէ Գերապայծառ Մարթին Վիտովիչին։








All the contents on this site are copyrighted ©.