2011-07-15 13:34:12

Միայն 2009-ին, Ռուսիոյ Քաղաքացիութիւն Ստացած Են Շուրջ 55 Հազար Հայեր։


Ըստ Տնտեսական Համագործակցութեան եւ Զարգացման կազմակերպութեան հրապարակած զեկոյցին, միայն 2009 թուականին, Ռուսիոյ քաղաքացիութիւն ստացած են աւելի քան 54,800 հայեր ՝ գրաւելով ՝՝երկրորդ տեղը՝՝ Ռուսիոյ Դաշնակցութեան մէջ քաղաքացիութիւն ստացող տասնեակ ազգութիւններու շարքին:
Հետազօտութեան համաձայն, 2005էն սկսեալ Ռուսիոյ մէջ քաղաքացիութիւն ստացող հայերուն թիւը սկսած է կտրուկ աւելնալու. եթէ 2001-ին ռուսական անձնագիր ստացած են 19,267 հայեր, ապա 2005ին այդ թիւը կրկնապատկուած է, իսկ չորս տարի անց՝ եռապատկուած: Ընդհանուր առմամբ, համադրելով 2001-էն 2009-ի տուեալները՝ կարելի է փաստել, որ ինը տարուան ընթացքին 272 հազարէն աւելի հայեր ստացած են Ռուսիոյ քաղաքացիութիւն:
Զեկոյցը տուեալներ կը ներկայացնէ նաեւ Ռուսիոյ մէջ առկայ հայ բնակչութեան մասին: Անոր համաձայն, 2002-ի դրութեամբ, Դաշնակցութեան մէջ կ՛ապրէր 481 հազար հայեր , սակայն անոնց միայն մէկ երրորդը՝ 136 հազարը, պահպանած է Հայաստանի քաղաքացիութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.