2011-07-14 12:48:37

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Մեծարեց Յիշատակը Արքիտիւքս Օթթօ Հասպուրկ-Լոռենի` Որ Եղած Է Մեծ Գործիչ Մը Խաղաղութեան Ի Խնդիր։


Ի լուր 98-ամեայ Արքիտիւքս Օթթօ Հասպուրկ-Լոռենի մահուան որ տեղի ունեած էր անցեալ շաբաթ, Նորին Սրբութիւնը ցաւակցական հեռագիր մը ուղղած է անոր ընտանիքին։ Սրբազան Հայրը Օթթօ Հասպուրկ-Լոռենը որակած է ''մեծ եւրոպացի մը՝՝ որ անխոնջ աշխատած է ժողովուրդներու խաղաղութեան ու համակեցութեան ի խնդիր ու պայքարած՝ Եւրոպայի աւելի արդար համակարգի մը համար։
Սրբազան Քահանայապետը իր առաքելական օրհնութիւնը ուղղելով Օթթօ Հասպուրկ-Լոռեն՝ կայսերական ընտանիքին, նաեւ նշանակեց կարտինալ Շոնպորնը` Վիեննայի առաջնորդը, որպէս իր յատուկ տեղապահը գլխաւորելու Արքիտիւքս Օթթօ Լոռենի յուղարկաւորութեան կարգը, որ տեղի պիտի ունենայ Վիեննա, 16 յուլիսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.