2011-07-14 13:42:08

Մինսկի Խմբակի Համանախագահները Կը Հանդիպին ԵԱՀԿի Նախագահին։


Ատրպեճանական «Էյ.Փի. Էյ.» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը՝ կը յայտնէ, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահները, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք Յուլիս 12ին Վիլնիուսի մէջ հանդիպում ունեցած են ԵԱՀԿի գործող նախագահ Աուտրոնիուս Աժուպալիսի հետ։
Հանդիպման ընթացքին համանախագահները ԵԱՀԿի նախագահը տեղեակ պահած են ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, ինչպէս նաեւ Յունիս 24ին Քազանի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպումին մասին։ Քննարկուած են նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի հեռանկարները, միտքեր փոխանակուած են բանակցային գործընթացին առնչուած ծրագիրներու մասին։
Աժուպալիս իր զօրակցութիւնը յայտնած է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կարգաւորման հարցին մէջ բեկում ապահովելուն ուղղուած ջանքերուն։ Ան կոչ ուղղած է՝ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու իրականացման մէջ քաղաքացիական հասարակութիւնը աւելի շատ ներգրաւելու։
«Ատիկա նոր ներդրում պիտի հանդիսանայ հակամարտութեան կարգաւորման համար եւ պիտի նպաստէ երկու հասարակութիւններուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման», ըսած է Աժուպալիս։








All the contents on this site are copyrighted ©.