2011-07-14 12:49:02

Հնդկաստանի Եկեղեցին Խստիւ Կը Դատապարտէ Նորածիներու Սեռի Փոփոխութիւնը։


Իրենց ուղղած նամակին մէջ Հնդկաստանի եպիսկոպոսները նործիներու սեռի փոփոխութիւնը կ'որակեն որպէս քստմնելի երեւոյթ մը, որ ծնունդ առած է Հնդկաստանի Մատհի Փրատէշ նահանգը, ուր բազմաթիւ են վիրաբուժերը որոնք գործողութեան կ'ենթարկեն նորածին աղջիկները, անոնց ծնողներու խնդրանքով, որոնք յաճախ կը նախընտրեն տղայ զաւակ ունենալ։
Մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւնները իրենց կարգին ''զարհուրելի'' որակած են այդ երեւոյթը ու կառավարութենէն պահանջած՝ որ վերջ տան այդ զեղծումներուն որդեգրելով խիստ կարգադրութիւններ ։
Հնդկաստանը կը հաշուէ աւելի քան մէկ միլիառ բնակիչ։ Անոր անկախութենէն ասդին պետութիւնը կ'աշխատի հաւասարութիւն հաստատել երկու սեռերու միջեւ սակայն տակաւին շատ հեռու է ժողովուրդին այդ մտայնութիւնը փոխելու։ Ոչ կառավարական կազմակերպութեան համաձայն ամէն տարի տղաներէն աւելի, շուրջ 300 հազար նորածին աղջիկներ կը մեռնին։ Իգական սեռը փոքր հասակէն սկսեալ զոհ է խտրականութեան, նոյնիսկ դաստիարակութեան, աշխատանքի ու ընկերութեան տարբեր խաւերու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.