2011-07-14 13:16:05

Հայր Ռաֆայէլ Մինասեանի Եպիսկոպոսական Օծման Արարողութիւնը


Ուրբաթ 15 յուլիսի երեկոյեան ժամը 5-ին սկիզբ կ՛առնեն Հայաստանի, Վրաստանի Եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝ Հայր Ռաֆայէլ Մինասեանի եպիսկոպոսական օծման արարողութեան տօնախմբութիւնները։
Արդարեւ ուրբաթ օրը երեկոյեան Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան՝ Սուրբ Աւետման Եկեղեցւոյ մէջ, տեղի կ՛ունենայ Կոչման արարողութիւնը, գլխաւորութեամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին, ու ներկայութեամբ՝ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական դասին, կղերին ու հաւատացեալներուն. իսկ շաբաթ օրը առաւօտեան ժամը 10-ին Սուրբ Եղիա եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի կ՛ունենայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արարողութիւնը, որուն ներկայ պիտի գտնուին քոյր եկեղեցիներէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ՝ Վատիկանէն ներկայ պիտի ըլլայ Արեւելեան Սուրբ Ժողովի Կառավարիչը՝ Կարտինալ Լէօնարտօ Սանտրին ու Կարտինալ Րաֆֆայելէ Մարդինօ-ն։
Յիշեցնենք թէ՝ անցեալ 24 յունիսին ( 2011), Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը վաւերացուցած էր Զմմառու Միաբան Հ. Ռաֆայէլ Վրդ. Մինասեանի ընտրութիւնը, որպէս Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ թեմի նոր առաջնորդ, շնորհելով անոր Արքեպիսկոպոսութեան աստիճանը:
Հայր Ռաֆայէլ Մինասեան ծնած է Լիբանան 1946-ի Նոյեմբեր 24-ին:
1958-ին՝ մուտք կը գործէ Զմմառու Հայ կաթողիկէ Արծիւեան Միաբանութեան կղերանոցը ուր կը ստանայ իր երկրորդական կրթութիւնը: 1966-ին կ'ուղարկուի Հռոմ՝ Լեւոնեան Վարժարան եւ կ'աշակերտի Քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանին, ուրկէ կը ստանայ փիլիսոփայութեան եւ Աստուածաբանութեան վկայականները: Ապա իր ուսումը կը շարունակէ, Հռոմի Սալեզեան համալսարանին մէջ, մասնագիտանալով գործնական հոգեբանութեան գիտութեան մէջ։ 1973 յունիս 24 ին Քահանայ կը ձեռնադրուի ու ինքզինք կը նուիրէ հայ ազգի ու հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան։ Իր 38 տարիներու առաքելական կեանքի ընթացքին, Հայր Ռաֆայէլ Մինասեան պաշտօնավարած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, Լիբանանէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ։
Նշենք որ Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութիւնը Հայր Ռաֆայէլին կը պարտի երկու եկեղեցիներու կառուցումը, մին՝ Լիբանանի Սուրբ Խաչ եկեղեցին է, (Զալքայի մէջ) իսկ միւսը՝ ԱՄՆ.ի մէջ՝ Կլէնտէյլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին։
Հայր Ռաֆայէլ Մինասեան եղած է ապա «Armenian Alliance» բարեգործական հիմնադրամին հիմնադիր անդամներէն մէկը, որուն հովանաւորութեամբ՝ իրականացան ու կ՛իրականացուին տակաւին մարդասիրական եւ տնաշինման զանազան ծրագիրներ Հայաստանի աղքատ շրջաններուն մէջ։
2005-ի Սեպտեմբերէն ի վեր, Մինասեան գերապայծառը կը պաշտօնավարէր որպէս պատրիարքական էկզարք Երուսաղէմի եւ Ամմանի: 2005-ին՝ Իտալիոյ մէջ ան հիմնած է նաեւ «ԹէլէՓաչէ Արմէնիա» հեռուստակայանը, որ ամէն օր, հայերէնով եւ արբանեակային հեռարձակումով կը սփռէ Աւետարանի պատգամը եւ Հայ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականն ու հայոց արժէքները:
Ռատիովատիկանի հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը կը մաղթէ Գերապայծառ Ռաֆայէլ Մինասեանին օրհնաբեր առաքելութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.