2011-07-13 13:20:34

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Այսօր չորեքշաբթի 13 յուլիս 2011։ Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած էինք նախորդ օրերուն յուլիս ամսուայ ընթացցին դադրած կը նկատուին Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները ամառնային արձակուրդի պատճառաւ։ Սրբազան Քահանայապետը անցեալ 7 յուլիսին փոխադրուեցաւ Հռոմի շրջակայքը գտնուող՝ Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցը ուր պիտի մնայ մինչեւ սեպտեմբեր ամսոյն վերջը, եւ ուր առիթը պիտի ունենայ ժամանակը նուիրելու ընթերցանութեան ու գրութեան շարունակելու համար ''Յիսուս Նազովրեցի'' գիրքին երրորդ հատորը։
Յառաջիկայ երկուշաբթի օրը, Սրբազան Քահանայապետը Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցին մէջ ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ Մալեզիայի Վարչպետին, իսկ 30 յուլիսին Գերմանիոյ Պավարիա մարզի Թրաուշթայն քաղաքը, ի պատիւ Սրբազան Պապին, համերգ մը պիտի սարքէ անոր քահանայական 60ամեակին առթիւ որուն ներկայ պիտի գտնուի Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.