2011-07-13 13:22:03

Նոր Եկեղեցւոյ Մը Կառուցումը Իրաքի Քիրքուկ Քաղաքը։


Քիրքուքի Սիքանաեան գիւղին մէջ, 8 յուլիսին, տեղի ունեցած է նոր եկեղեցւոյ մը օծումը որուն ներկայ գտնուած են երկրի կրօնական ու քաղաքական ներկայացուցիչները։ Եկեղեցին նուիրուած է Ս. Պօղոս առաքելապետին։
Քիրքուքի առաջնորդը` Գերապայծառ Սաքօ իր արտասանած քարոզին մէջ քաջալերեց քրիստոնեաները մնալ երկրին մէջ, ու իրենց հաւատքին վկայութիւն տալու ամենայն քաջութեամբ ու վստահութեամբ։ Ան ընդգծեց որ Եկեղեցին Աստուծոյ տունն է ուր՝ հաւատացեալը կանչուած է Տիրոջ երկիրպագելու եւ Իրմէ խնդրելու ողորմութիւն ու ներում։ Միաժամանակ Եկեղեցին վայրն է կրթելու սրտերը՝ սիրոյ, պարկեշտութեան, վեհանձնութեան ու եղբայրօգնութեան առաքինութիւններով։ Հուսկ գերապայծառ Սաքօն ըսաւ. ՜՜ մենք` քրիստոնեաներս կղզիացած չենք ապրիր, ունինք կարիքը մէկը միւսին ։ Կղզիացումը մահուան նշան է, մինչ ուրիշին բացուիլը կեանք է ու աճում։ Մեր յոյսն է որ քրիսոնեաները ու մահմետականները ձեռք ձեռքի տուած միասնաբար գործեն երկրին բարգաւաճումին համար։
Իսլամ կրօնապետ մը ինքնաբուխ աղօթք մը կատարեց մաղթելով որ այդ վայրը ըլլայ միշտատեւ սուրբ եւ քրիստոնեաները կարողանան աղօթել ու փառաբանել զԱստուած։








All the contents on this site are copyrighted ©.