2011-07-13 13:21:13

Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Ժողով։


Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ Գերապայծառ Ռինօ ֆիզիքելլայի նախաձեռնութեամբ՝ անցեալ երկուշաբթի 11 յուլիսին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ համաժողով մը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Եւրոպայի զանազան երկիրներու Կարտինալներ ու եպիսկոպոսներ միասին խորհրդածելու ու պատասխաններ գտնելու Եւրոպայի նոր աւետարանութեան մարտահրաւէրներուն։ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին Գերապայծառ ֆիզիքելլան յայտարարած է թէ՝ ժողովի եզրափակիչ արդիւնքը այն եղաւ որ յառաջիկայ 2012-ի քառասնորդաց շրջանին <<Մայրաքաղաքներու Առաքելութիւն>> անուան տակ եւրոպական 12 մեծ քաղաքներու մէջ, միաժամանակ տեղի պիտի ունենան նոյնանման ձեռնարկներ։ Յատկանշական մէկ երեւոյթ մը - ըսաւ գերապայծառ ֆիզիքելլան- որ կ՛ըդառաջէ Սրբազան Քահանայապետի հրաւէրին գերազանցելու բաժանումներու դժուարութիւնները եւ միասնականութեան ապացոյց մը տալու։ Նշենք որ 2012-ին Վատիկանի մէջ գումարուելիք եպիսկոպոսներու Սինոդոսի նիւթն է <<Նոր աւետարանութիւնը>>. եւ գերապայծառ ֆիզիքելլան հաստատած թէ <<Մայրաքաղաքներու Առաքելութիւն>> կոչուած այս ձեռնարկը այս ուղղութեամբ շօշափելի մէկ իրողութիւն մըն է , որը յառաջիկայ սինոդոսի ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ ուսումնասիրել եւ բաժնեկցիլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.