Մետվետեւ եւ Օպամա Քննարկած՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը։
Ռուսական «Վեսթի» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երկուշաբթի
օր Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է:
Օպամա ցաւակցութիւն յայտնած է «Պուլկարիա» շոգենաւի խորտակման համար, ապա անդրադարձած
է ղարաբաղեան տագնապի լուծման: Միացեալ Նահանգներու նախագահը բարձր գնահատած է Քազանի
մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին ընթացքին Մետվետեւի
գործադրած ջանքերը` ուղղուած տագնապին լուծման: Նախագահները երկուստեք մտադրութիւն
յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու համար ձեռնարկել՝ միասնական
քայլերու: