2011-07-12 13:32:51

Եւրոպայի Կաթողիկէ Կամաւորներու Հաւաքը Յառաջիկայ Նոյեմբերին։


Կարտինալ Սարա` Նախագահը ''Մէկ սիրտ'' Կոչուած Քահանայապետական խորհուրդի, անցեալ 7 յուլիսին մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնած է թէ յառաջիկայ 10 եւ 11 նոյեմբերին խորհրդաժողով մը կը կազմակերպէ Վատիկանի մէջ։ Աւելի քան 150 կամաւորներ կլոր սեղան կանչուած են քննարկելու Եւրոպայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ կամաւորական շարժումի յեղաշրջումներու մարտահրաւէրները։
Այդ կլոր սեղանին ընթացքին կաթողիկէ կամաւորները, բարեսիրական ընկերակցութիւններու պատասխանատուները եւ այդ ուղղութեամբ յանձնառու եպիսկոպոսները հանդիպում պիտի ունենան Սրբազան Քահանայապետին հետ ։ Անոնք պիտի քննարկեն ուղիղ դրդապատճառները կաթողիկէ կամաւորութեան։
Այս հանդիպումը տեղի կ'ունենայ բարեսիրութեան ու կամաւորութեան եւրոպական տարւոյն ընթացքին, հռչակուած Եւրոպայի միութենէն։
Կարտինալ Սարա յայտնեց թէ այդ Կլոր սեղանին հրաւիրած է միջազգային համագործակցութեան եւրոպացի պատուիրակ` պուլկարացի Քրիստալինա Ճորվեվա։
Յատյտնենք որ ''Մէկ սիրտ'' կոչուած քահանայապետական խորհուրդը հետեւելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ուղղութիւններուն, իր այս նախաձեռնութեամբ կ'ուզէ ընդգծել առաջնհերթութիւնը Աստուծոյ ներկայութեան ու աւետարանական պատգամին` կաթողիկէ բոլոր բարեսիրական շարժումներու մէջ։ Վերջերս նոյնը կատարեց Միջազգային Գարիթասի ընդհանուր ժողովին ընթացքին ի յայտ դնելով եղբայրօգնութիւններու աստուածաբանական դրդապատճառները։








All the contents on this site are copyrighted ©.