2011-07-12 14:06:41

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՝ընդունի Հայաստանի Նոր Նշանակուած Արքեպիսկոպոսը Ռաֆայէլ Մինասեանը։


Երկուշաբթի, 11 յուլիս 2011-ին, Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանի նոր նշանակուած Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոս հայր Ռաֆայէլ Մինասեանը, որուն կ՛ընկերանար լիբանանահայ մտաւորական Սարգիս Նաճարեան: Հայր Ռաֆայէլ Վատիկանի կողմէ վերջերս նշանակուած է՝ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ռուսիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքներու Արքեպիսկոպոս:
Վեհափառը ողջունեց հայր Ռաֆայէլին նշանակումը սոյն պաշտօնին եւ ըսաւ. «Վստահ ենք, որ ձեր այս պատասխանատուութեան ճամբով ձեր մասնակցութիւնը պիտի բերէք Հայաստանի վերաշինութեան, հզօրացման ու Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ծաւալման գործին»:
Նոյն օրը, վեհափառը ընդունեց Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնախումբի քարտուղար Հայկ Դեմոյեանը:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան յիշեալ յանձնախումբին յառաջիկայ աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն առնչուած հարցեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.