2011-07-12 14:05:27

12 -16 Յուլիս Հաղորդակցութեան Մասին Ուսումնաժողով Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի Աւագ Թեմին Մէջ ։


Քահանայապետական Ընկերային Հաղորդակցութեան միջոցներու Խորհուրդի եւ Պրազիլի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախաձեռնութեամբ Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի Աւագ Թեմը,12 -16 յուլիս, կը հիւրնկալէ Հաղորդակցութեան մասին ուսումնաժողով մը յատկացուած Պրազիլի եպիսկոպոսներուն։
Ուսումնաժողովին նպատակն է խորհրդածել եւ վիճել հաղորդակցութեան արդի երեւոյթներու մասին անոր յեղաշրջումին ու նա մանաւանդ ներկայացնել հաղորդակցութեան միջոցներու մարտահրաւերները հովուական գետնի վրայ։ Միւս կողմէն ուսումնաժողովը կ՛ուզէ արժեւորել հաղորդակցութեան կեդրոնականութիւնը հովուական ծիլէն ներս։ Ուսումնաժողովի բացման նիստին ելոյթ կ՛ունենայ Քահանայապետական Ընկերային Հաղորդակցիութեան միջոցներու Խորհուրդի նախագահը Գերապայծառ Գլաուտիօ Մարիա Չելլին։ Նիստերու ընթացքին պիտի շօշափուին հաղորդակցութեան պատմականը սկիզբէն մինջեւ արդիական համացանցային միջոցները ու հաղորդակցութեան յեղաշրջումը ժամանակի ընթացքին ու ընկերային ասպարեզէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.