2011-07-11 12:42:38

Վենիզուելայի անկախութեան 200ամեակի տօնախմբութիւններուն առթիւ, եպիսկոպոսները կոչ կ՛ուղղեն մարդկային անհատի յարգանքի ու արժանաւորութեան ի խնդիր։


Վենիզուելայի անկախութեան 200ամեակի տարեդարձին առթիւ երկրի եպիսկոպոսները վաւերաթուղթ մը հրապարակած են հրաւիրելով բնակչութիւնը ապրելու այդ պահը քրիստոնեական հայրենասիրութեան զգացումներով, այսինքն պաշտպանելով ամէն անհատի դատն ու իրաւունքը։
Վաւերաթուղթին մէջ, որուն վերնագիրն է. ''5 յուլիսի երկուհարիւրամեան (1811-2011)'' եպիսկոպոսական դասը կը կրկնէ իր կոչը բարեփոխելու Վենիզուէլայի բաժնուած ու կերտելու բարի, արդար, յարգալիր ու միացեալ ընկերութիւն մը, որուն արժէքները ներշնչուին Աւետարանէն ։ Եպիսկոպոսները` վաւերաթուղթին մէջ կ'ընդգծեն որ անկախութեան 200ամեակի տօնախմբութիւնը առիթ պէտք է ըլլայ ընկերութեան բարեշրջումին ու բարգաւաճումին ի նպաստ։
Վենիզուէլայի եպիսկոպոսներու վաւերաթուղթը կ'եզրափակուի հրաւիրելով երկրի բոլոր բնակիչները ընթանալու եղբայրակցութեան ճանապարհէն ըլլալով միշտ հետամուտ բոլորին բարիքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.