2011-07-11 12:47:13

Վառնայի Մէջ Բացում՝ Հայաստանի Պատուոյ Հիւպատոսութեան։


Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքին մէջ 5 յուլիսին պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ Հիւպատոսութեան: Խորհրդանշական ժապաւէնը հատեցին Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արսէն Սհոյեան եւ Վառնայի քաղաքապետ Քիրիլ Եորտանով:
Պատուոյ Հիւպատոս Սարգիս Սարգիզովի հիւպատոսական շրջանը կ՛ընդգրկէ Պուլկարիոյ Վառնայի, Պուրկասի, Տոպրիչի, Շումենի եւ Թրկովիշթէի մարզերը` նստավայրը Վառնա:
Բացման արարողութեան ներկայ էին մարզպետ Տանչօ Սիմէոնով, Պուլկարիոյ մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, պատուոյ հիւպատոսներ, Հայ Առաքելական Եեկեղեցւոյ Պուլկարիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդական տեղապահ Աբգար վրդ. Յովակիմեան, եկեղեցական խորհուրդներու ատենապետներ, հայկական կրթամշակութային, բարեգործական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ եւ մտաւորականներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.