2011-07-11 12:33:33

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր գոհունակութիւնը յայտնած է քահանայապետական ամառանոցը հաստատուելուն։


7 յուլիսին, յետ միջօրէին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը փոխադրուեցաւ քահանայապետական ամառանոց Գասդել Կանտոլֆօ շրջանը։ Նորին Սրբութիւնը Իր գրասենակի պատշգամէն ողջունեց Ալպանոյի բնակիչները յայտնելով իր խնդակցութիւնը հոն գտնուելուն ուր իր սենեակէն կը դիտէ լեռները, լիճը, ծովը, գիւղի եկեղեցւոյ գեղեցիկ ճակատը ու գիւղի բարի մարդիկը։ Նորին Սրբութիւնը մտադիր է բնակութիւն հաստատել մինջեւ սեպտեմբերի վերջը, ուր ժամանակը կ'անցնէ աղօթքով, ընթերցումով ու գրութեամբ եւ ամառանոցի այգիին մէջ շրջելով։
Յայտնենք թէ յուլիս ամսուան ընթացքին տեղի պիտի չունենան շաբաթական չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները որ կը վերսկսին օգոստոսին` Գասդել կանտոլֆոյի մէջ մինջ կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը չ՛ընդհատոուիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.