2011-07-11 12:46:30

Ափրիկէի Ամենէն Երիտասարդ 54-րդ Պետութիւնը։ Հարաւային Սուտանի Հանրապետութիւնը ։


Հարաւային Սուտանի խորհրդարանի նախագահ Ճէյմս Ուանի Ուիկա պաշտօնապէս յայտարարեց Հարաւային Սուտանի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Այսպէս այդ այս ուղղութեամբ կատարուած հանրաքուէէն վեց ամիս ետք Հարաւային Սուտան դարձաւ աշխարհի նորագոյն պետութիւնը:
Անկախութեան հռչակումէն ետք, նորանկախ երկրին դրօշը բարձրացուեցաւ եւ շրջանի ղեկավար Սիլվա Քիր նախագահական երդումը տալէ ետք ստորագրեց երկրին Սահմանադրութիւնը։
Անկախութեան հռչակումէն անմիջապէս ետք երկրին անկախութիւնը ճանչցան Եգիպտոս, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա եւ Բրիտանիա: Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը իր կարգին ողջունեց նոր պետութեան ծնունդը: Ըստ «Ալ-Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, Արաբական Լիկան կը հաստատէ, որ Հարաւային Սուտանի Հանրապետութիւնը իր անդամներէն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.