2011-07-10 16:20:47

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։


Կիրակի 10 յուլիս, Դ կիրակի յետ Պենտեկոստէի, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը խօսքը ուղղելով քահանայապետական ամարանոցի բակը համախմբուած հաւատացեալներուն ըսաւ. շնորհակալ եմ ձեր ներկայութեան եւ յատուկէն իմ ողջոյնս կ'ուղղեմ Ալպանոյի եպիսկոպոսին։
Նորին սրբութիւնը մեկնաբանելով օրուան Աւերտանը յատուկէն մեկնաբանեց սերմանողի առակը։
Սերմանողը, ըսաւ Սրբազան հայրը, նոյնինք Յիսուսն է որ որ բարի սերմ կը ցանէ սակայն այդ սերմը` Աստուծյ խօսքը տարբեր հողերու վրայ կ'իյնայ եւ տարբեր պտուղներ կու տայ։
Քրիստոս հաւասարապէս կը քարոզէ Աստուծոյ խօսքը, ամէնուն կ'առաջարկէ շնորհքը, սակայն ամէնքը զայն չեն ընդունիր նոյն ձեւով։ Ոմանք կը լսեն եւ չեն հաւատար. ասոնց սիրտը կարծր է, ասոնց համար գերբնական իրականութիւններ ոչ միայն արժէք, այլ նաեւ գոյութիւն չունին։ Ուրիշներ կը հաւատան, բայց խորք չունին, համոզում չունին։ Ուրիշներ կը հաւատան եւ հետեւողական են իրենց համոզումին հետ. զգայուն են Աստուծոյ խօսքին, զայն կ'ընդունին սիրով, կ'ամրացնեն եւ կ'ապրին անով։ Հաւատքը սովորութիւն մը չէ, այլ ներքին կեանք մը հոգիին եւ արտաքին ճառագայթում մը`գործերով։
Ապա Նորին Սրբութիւնը, յիշեցուց որ կիրակի 10 յուլիսը Ծովու կիրակի է, այսինքն ծովու մէջ աշխատող առաքելութեան օրն է։ Յաատուկէն կ'ողջունեմ բոլոր այն եկեղեցականները որոնց յանձնուած է ծովայիններու հոգ հոգւոցըրը։ Իմ աղօթքս կը բարձրացնեմ բոլոր անոնց որոնք ծով կ'աշխատին եւ մասնաւորապէս կ'աղօթեմ անոնց որոնք արեւանգուած են։
Սրբազան Քահանայապետը յիշեցուց թէ երկուշաբթի 11 յուլիս տօնն է սուրբ Պենետիկտոսի` Եւրոպայի պաշտպան սուրբը։ Արեւմուտքի վանականութեան պատրիարքէն պէտք են սորվիլ անսալ Աստուծոյ խօսքին ու գործադրել զայն։
Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքէն ետք Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները ըսաելով.Արձակուրդի այս շրջանին, կը հրաւիրեմ ձեզ մտամփոփուիլ ու սքանչացումով դիտել արարչագործութեան գեղեցկութիւնը։ Ծնողներ, ձեր զաւակներուն սորվեցուցէք ուշադրութեամբ դիտել բնութիւնը, յարգել ու պահպանել զայն, որպէս մեծ պարգեւ մը, որ մեզի սգացնել կու տայ մեծութիւնը Արարիչին։ Առակներով խօսելով, Յիսուս գործածեց բնութեան բարբառը իր աշակետներուն բացայայտելու Արքայութեան խորհուրդը։ Թող Յիսուսի գործածած պատկերները ըլլան ընտանի։ Գիտնանք որ աստուածային իրադրութիւնը ծածկուած է մեր առօրեայ կեանքին մէջ, նման հատիկին որ հողին մէջ է։ Մեզի կ'իյնայ պտղաբերել ու արատ պտուղ տալ։ Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի կիրակի եւ բարի շաբաթ մը։
այժմ լեսելի կ'ընենք ՊԵնետիիկտոս ԺԶ Քահանայապետին տուած առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.