2011-07-09 11:06:30

Վրաստանի Մէջ Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Տանիքը Կը Քանդուի


Վրասանի Կուրջանի շրջանի Քալաուրի գիւղին մէջ ամբողջութեամբ փլած է 19րդ դարու Ս. Յովհաննու Կարապետ հայկական եկեղեցւոյ տանիքը։
Յունիսին, Կուրջանիի մէջ տեղի ունեցած փոթորիկներու եւ հեղեղներու հետեւանքով, շրջանը մեծ վնասներ կրած էր։ Փոթորիկները փրցուցած էին շէնքերու տանիքները, տապալած՝ ծառերը եւ վնաս պատճառած՝ ելեկտրական հանգոյցներուն։
Վանքի տանիքը փլելու վտանգին հետ դէմ յանդիման մնացած էր 2007էն ի վեր, երբ վերակառուցման աշխատանքները դադրեցան։ Վերակառուցումը կ՛իրականանայ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ազգային գործակալութեան միջոցներով։
Տաճարին շուրջ կուտակուած են հողակոյտեր, պատերը եւս կը գտնուին փլելու վտանգին տակ։ Ձմրան իշխանութիւնները փակած էին դէպի տաճար տանող ճամբան եւ ներկայիս որեւէ փոխադրամիջոցով կարելի չէ հոն հասնիլ:
Քաղաքային շրջանի մշակութային բաժինի մասնագէտ Թամազ Մարքոզաշվիլի յայտնեց, որ այս տարի վերականգնողական աշխատանքներ չեն նախատեսուած այս եկեղեցւոյ համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.