2011-07-09 11:55:15

Սերկէյ Լաւրով Սարգսեանին Ու Ալիեւին Կը Փոխանցէ Մետվետեւի Ուղերձը։


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ Հայաստանի նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Լաւրով նախագահ Սարգսեանի փոխանցած է Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի ուղերձը:

Նալբանդեան իր կարգին բարձր գնահատեց բանակցային հոլովոյթին մէջ միջնորդներու աջակցութիւնը: «Ճիշդ այս տպաւորութեամբ ալ մենք մեկնած էինք Քազան», ըսած է ան:
Ըստ Նալբանդեանի, բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրել կարելի է միայն այն պարագային, երբ Ազրպէյճան վերցնէ իր ներկայացուցած տասը պահանջները:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Երեւանէն մեկնեցաւ Պաքու:
ԻԹԱՌ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Լաւրով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին նոյնպէս փոխանցեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի ուղերձը:








All the contents on this site are copyrighted ©.