2011-07-09 11:46:23

Ռատիօ Վատիկանի 80երորդ Տարեդարձի առթիւ,Ճանչնանք Վատիկանի Ռատիոկայանի Յայտագիրները։ Այսօր կը խօսինք Չինական Հաղորդաժամի մասին։


Ռատիօ Վատիկանի Չինական Հաղորդաժամի պատմութիւնը սկիզբ կ՝առնէ 1954-ին շաբաթական մէկ հաղորդումով 15 վայրկեան տեւողութեամբ ,որը շաբաթական 45 վայրկեանի կը բարձրանայ չորս տարի ետք ։ 1977-ի սկիզբը հաղորդումները կ՝ըլլան առօրեայ ,իսկ 1991ին է որ կը ձայնասփռուին 42 վայրկեան տեւողութեամբ,եւ ամէն օր։
Եօթանասունական թուականներու վերջաւորութեան Չինաստանի մէջ կայացած քաղաքական բարեփոխումները կարելիութիւն կուտան կրօնական գործունէութեանց վերսկսումին Երկրէն ներս։ 1980-ին սկիզբ կ՝առնէ կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագը Չինական լեզունով, ուղղուած Չինաստանի կաթողիկէներուն։ 80 եւ 90ական թուականներուն միշտ աւելի մեծաթիւ չինացի կաթողիկէներ կը սկսին հետեւիլ Ռատիօ Վատիկանի Չինական հաղորդաժամին՝ կարճ ալիքներու շնորհիւ։
Եկեղեցւոյ վերածնունդը Չինաստանի մէջ համայնավար վարչակարգի ներքեւ, բազմաթիւ սահմանափակումներու եւ մեծ դժուարութեանց հետ դէմ հանդիման գտնուեցաւ։ Ռատիօ Վատիկանի Չինական լեզուով Հաղորդումները ջանացին ձայնասփռել Չինաստանի մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կրօնուսուցումը եւ Վատիկանեան Բ.Տիեզերական Ժողովի ուսուցումները։ Որպէս Ձայնը Քահանայապետին (Հռոմի Եպիսկոպոսին) չինական լեզուով յայտագիրները ընդգծեցին միշտ որ կայ միայն մէկ Եկեղեցի մը,եթէ նոյնիսկ եղած են բաժանումներ։Հաշտութեան այս պատգամը հաղորդաժամի կողմէ շարունակաբար կրկնուեցաւ այս երկար տարիներու հոլովոյթին։
2000 թուականին Համացանցի վրայ Ռատիօ Վատիկանի կայքէջի զետեղումը անշուշտ առիթ տուաւ մեծաթիւ չինացիներու ունկնդրել ու տեղեկանալ լուրերուն՝ Սուրբ Աթոռի մասին։ Ներկայիս Ռատիօ Վատիկանի Չինական Հաղորդաժամը կը ձայնասփռէ յատկապէս կրօնական այժմէական թէմաներ, կարելիութիւն ընծայելու համար կաթողիկէ չինացիներուն աւելի լաւ ըմբռնելու՝ կաթողիկէ հաւատքը ու զայն ապրելու՝ժամանակակից ընկերութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.