2011-07-09 11:01:37

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Խաղաղութիւն եւ Բարրորութիւն Կը Մաղթէ Հարաւային Սուտանի Անկախութեան Հռչակումին առթիւ։


Հարաւային Սուտանը 9 յուլիսին պաշտօնապէս հռչակեց իր անկախութիւնը։ Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատուիրակութիւն մը ուղարկած է գլխաւորութեամբ Նայրոպիի առաջնորդ` Կարտինալ Ճոն Նիու-ի, մասնակցելու անկախութեան արարողութիւններուն։
Սուրբ Աթոռը կոչ ուղղած է միջազգային հասարակութեան` աշխատելու անկեղծ, խաղաղ եւ շինիչ երկխօսութեան հասատատումի ընդմէջ Սուտանի ու նորանկախ հանրապետութեան ձեռք բերելու արդար եւ հաւասարակշիռ լուծումներ, տակաւին այն բոլոր անլուծուած հարցերուն։
Վատիկանը մատնանշած է թէ խաղաղութիւնը, հաշտութիւնը եւ բոլորին իրաւունքներու յարգանքը, նա մանաւանդ կրօնական ազատութեան գծով, նոր սիւներն են որոնց վրայ կարելի է կարուցել շրջանի հասարակական եւ քաղաքական կեանքը։ 1972 ի վեր Սուրբ Աթոռը Խարթումի հետ ունի դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ ըստ Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակի Տնօրէն` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի այս ուղղութեամբ նորանակախ պետութեան խնդրանքը արդեն ուսումնասիրութեան տակ է։
Միւս կողմէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Օլավ Տվէյթը, Հարաւային Սուտանի նորնտիր Նախագահ Սալվա Գիիր Մաեարտիթի նամակ մը ուղղած է, որուն մէջ <<աղօթք եւ ամենաբարի մաղթանքներ յայտնած է>> ինչպէս նաեւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի զօրակցութիւնը ու յոյսը որ միջազգային հասարալութիւնը աշխատի երկրին ապահովցնելու լուսաւոր ու խաղաղ ապագայ մը։
Նշենք որ 9 յուլիսի անկախութեան հռչակումը կ՛իրագործուի կէս դար պատերազմէ հետոյ։Նորանկախ պետութիւնը` Հարաւային Սուտանը` ունի 600 հազար քմ քառակուսի տարածութեամբ քարիւղով հարուստ հողամաս, սակայն հակառակ այս իրողութեան բնակչութեան 90 տոկոսը կ՛ապրի աղքատութեան մէջ։ Նոր հանրապետութեան մայրաքաղաքն է Ժուպա։
Հարաւային Սուտանի բնակչութեան թիւը ըստ 2008 ի տուեալներու 8 միլիոնի կը հասնի կազմուած քրիտոնեաներէ եւ հոգեպաշտներէ մինջ Հիւսիսային Սուտանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կազմուած է արաբներէ եւ իսլամներէ։Նշենք նաեւ թէ նորանկախ Հարաւային Սուտանը կը գտնուի դժուար մարտահրաւերներու դիմաց որոնց պէտք է անմիջական լուծումներ գտնել ինչպէս ներգաղթը, բնակարանի եւ սնունդի ապահովութիւնը ու քաղաքական անապահովութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.