2011-07-09 11:02:30

Մամլոյ Աուլիս Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գերմանիայ Կատարելիք Առաքելական Այցելութեան։


Երկուշաբթի 11 յուլիսի յետ միջօրէի ժամը 5ին Պերլինի Կաթողիկէ Գրասենեակի մէջ տեղի կ՛ունենայ Մամլոյ Ասուլիս ներկայացնելու Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գերմանիոյ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան պատրաստողական գործունէութիւնը։
Մամլոյ Ասուլիսի ընթացքին պիտի ներկայացուին ճամբորդութեան օրակարքը, ճառերու մէջ շօշափուած նիւթերը` հիւրերու անուանացանկը ինչպէս նաեւ կազմակերպչական հարցեր։ Մամլոյ Սուլիսին ելոյթ կ՛ունենան Հայր Հանս Լանկէնտրֆէր Գերմանիոյ եպիսկոպոսական դասի քարտուղար եւ Քահանայապետի ճամբորդութեան ընդհանուր համակարգող, գերապայծառ Ռոնալտ Ռոթէր Պերլինի այցելութեան համակարգող, էրթֆուրթի տեղակալ եպիսկոպոս ու այցելութեան համակարգող գերապայծառ Ռայմոնտ Պէք եւ գերապայծառ Փիթէր Պիրքհոֆֆէր` ֆրիպուրկի այցելութեան պատասխանատու։ Նշենք որ Պենետիկտոս ԺԶ գերմանիան պիտի այցելէ` երրորդ անգամուայ համար` յառաջիկայ 22-25 Սեպետմբեր։ Նորին սրբութեան առաջին հանգրուանը պիտի ըլլայ Պերլինը, երկրորդ օրը պիտի այցելէ Էրֆուրդ` երբեմնի Արեւելեան Գերմանիա, ուր նախատեսուած է համամիութեան ու միջ-կրօնական երկխօսութեան օր, իսկ երրորդ օրը, Սրբազան Քահանայապետը պիտի փոխադրուի ֆրիպուրկ-իմ-Պրէյզկաու (Freiburg-im-Breisgau) թեմը, Գերմանիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահի աթոռը, ուր, աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ պիտի գլխաւորէ աղօթքի հսկումը ու ապա յաջորդ օրը կիրակի` 25 սեպտեմբերին պիտի գլխաւորէ բացօթեայ պատարագ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.