2011-07-09 11:04:46

Աշխարհի Բոլոր Թեմերու Կրօնա-Մշակութային Ժառանգութեան Վերարժեւորումը։


Ի պատրաստութիւն 27 սեպտեմբերի զբօսաշրջիկութեան համաշխարհային օրուան,որ ունի որպէս բնաբան` ''զբօսաշրջիկութիւնը ու մշակոյթներու մօտեցումը'' Գաղթականութեան ու թափառաշրջիկութեան հովուութեան քահանայապետական խորհուրդը նոր միջոցառումներ առաջարկած է ի յայտ դնելու աշխարհի բոլոր թեմերու Կրօնա-մշակութային ժառանգութեան արժէքները։
Քահանայպետական խորհուրդը կը նախատեսէ զբօսաշրջիկութեան ուղղեցոյցի մը աշխատասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ թրուցիկներու տպագրութիւնը եւ մանկավարժական այլ նախաձեռութիւններ, մասնաւորապէս համացանցի միջոցաւ հեշտ դարձնելու գլուխգործոցներու խոր իմաստը։
Պատգամին մէջ կը կարդանք թէ քահանայապետական խորհուրդը 23-27 հոկտեմբեր 2012ին Մեքսիքայի Գանգում քաղաքին մէջ պաշտօնապէս պիտի գումարէ զբօսաշրջիկութեան հովուութեան համաշխարհային 7-րդ գիտաժողովը։








All the contents on this site are copyrighted ©.