2011-07-09 11:59:19

10 Յուլիսին՝ Կը Սկսի «Ոսկէ Ծիրան»Կինոյի 8-րդ Փառատօնը։


«Ոսկէ Ծիրան» միջազգային փառատօնը այս տարի պիտի բացուի իրանցի աշխարհահռչակ բեմադրիչ Ապպաս Քիառուսթամիի «Վաւերացուցած պատճէնը» («Copie Conforme») ժապաւէնով, որ անցեալ տարի Քաննի փառատօնին մրցանակի արժանացած էր: 8րդ «Ոսկէ Ծիրան»ի պատուաւոր հիւրն էաշխարհահռչակ դերասանուհի Ֆաննի Արտան: Աւելի քան 60 շարժապատկերի մէջ նկարահանուած դերասանուհին, «Մոսկուա» թատերասրահին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ հայ հանդիսատեսին հետ, իսկ Յուլիս 11ին պիտի ցուցադրուին անոր՝ իբրեւ բեմադրիչ նկարահանած «Մոխիր եւ արիւն» եւ «Բացակայ երազներ» ֆիլմերը:

Փառատօնին նաեւ պիտի մասնակցին աշխարհահռչակ այլ գործիչներ: «Գալու են իրենց ժապաւէնները ներկայացնելու այնպիսի հզօր բեմադրիչներ, ինչպէս Քաննի փառատօնի «Կրան փրի» ստացած Նուրի Ճէյլան: Գալիս է Մարչեւսքին, գալիս է Ալեքսէյ Ուչիտելը, Փաւլիկովսքին…», նշեց նախագահը:
Փառատօնի ծիրէն ներս, չորս անուանակարգերու մէջ պիտի ցուցադրուին հետաքրքրական, հեղինակաւոր փառատօներու մրցանակներ շահած շարք մը շարժապատկերներ: Նախքան փառատօնի հանդիսաւոր բացումը, այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ փառատօնի խորհրդանիշ Ծիրանի Օրհնութեան Արարողութիւնը՝ Եկեղեցւոյ մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.