Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Յուլիս 7ին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է ԱՄՆ արտաքին
գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ՝ քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման
ներկայ փուլին վերաբերող հարցեր: Նախագահ Սարգիսեան եւ տիկին Քլինթըն անդրադարձած են
նաեւ հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման վերաբերող հարցերու:
Հեռախօսազրոյցը կայացած է ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ: