2011-07-08 14:30:54

Սփիւռքի Լրագրողները Երեւանի Մէջ։


Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքին կազմակերպութեամբ 11-րդ օրն ըլլալով սփիւռքի զանգուածային լրատուամիջոցներու երիտասարդ լրագրողներու դպրոցը կը շարունակէ իր աշխատանքները: Այս ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 18 լրագրողներ 11 երկիրներէ` Հնդկաստան, Էսթոնիա, Լոնտոն, Հոլանտա, Իրան, Եգիպտոս, Սուրիա, Ռուսիա, Վրաստան, Աբխազիա եւ Լիբանան: «Ազդակ»ի աշխատակազմէն այս դպրոցին կը հետեւի երիտասարդ լրագրող Արազ Գոճայեան, որ կը տեղեկացնէ որ ՝՝Երեւանի պետական համալսարանի լրագրողներու բաժանմունքի շէնքին մէջ տեղի ունեցող դասախօսութիւններուն շարքին, 7 յուլիսին աւելցան երեք նոր դասախօսութիւններ՝՝ :
«Արմենփրես» լրատու գործակալութեան խմբագիր Հրայր Զօրեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց Հայաստանի լրատուամիջոցներուն իրավիճակը Խորհրդային Միութեան շրջանին եւ այսօր, երբ Հայաստանը անկախ է: Ապա ան խօսեցաւ լրագրական ասպարէզի կարեւորութեան եւ լրագրողներու պատասխանատու կեցուածքի տէր ըլլալու անհրաժեշտութեան մասին:
Ապա ուղղակի կապ հաստատուեցաւ Պէյրութ` համացանցային «Սքայփ» դրութեան միջոցով, եւ «Ազդակ»ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան լուսարձակի տակ առաւ տպագիր ու ելեկտրոնային մամուլի կարեւորութիւնը: Ան յատուկ կերպով խօսեցաւ Հայ դատի պայքարին մէջ մամուլին ունեցած ուրոյն դերակատարութեան ու կարեւորութեան մասին` դիտել տալով, որ պէտք է նաեւ ունենանք թրքատառ մամուլ, որպէսզի հասանելի ըլլանք թուրք հանրութեան եւս եւ Հայոց ցեղասպանութեան ու Արցախի հարցերուն վերաբերեալ քարոզչութիւն կատարուի, եւ ճշմարտութիւնները թափանցուին թրքական իրականութեան մէջ:
Մշակութաբան եւ Լրագրութեան բաժանմունքի դասախօս Հրաչ Բայադեան ներկայացուց «Համաշխարհայնացման տեղեկատուութիւնը» նիւթով դասախօսութիւն մը, որուն ընթացքին խօսեցաւ այս մարզի արհեստագիտութեան մասին` լուսարձակի տակ առնելով արդիական միջոցները դրական կերպով ծառայեցնելու անհրաժեշտութիւնը:
Այնուհետեւ լրագրողները հանդիպում ունեցան Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանի հետ, որուն հետ փոխանակեցին այս ծրագիրին վերաբերեալ կարծիքներ ու տպաւորութիւններ:
Նշենք, որ լրագրողները ծրագիրի աւարտին` 15 յուլիսին պիտի ներկայացնեն իրենց աւարտաճառերը, որոնք իբրեւ ուսումնասիրութեան աղբիւր պիտի օգտագործուին Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.