2011-07-08 14:30:39

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը անգամ մը եւս կը հաստատէ «Ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորումը՝ այլընտրանք չունի»...


Մոսկվա պաշտօնական այցելութեամբ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեանը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդունելու թիւններու տան մէջ հանդիպած է Ռուսաստանի իր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Ողջունելով Հայաստանի նախարարի ներկայութիւնը, Ռուսաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը նշած է, որ երկու արտաքին քաղաքական դիւանագիտութեան ղեկավարներու հանդիպումները կÿառանձնանան փոխ վստահութեամբ, կառուցողականութեամբ եւ դաշնակցային յարաբերութիւններուն բնորոշ յատուկ բովանդակութեամբ: Նախարարները քննարկած են տնտեսական փոխ գործակցութեան առաւել խորացման նպատակով նախատեսուող ծրագրերը, անդրադարձած են Դոնի-Ռոստովի մէջ հայ-ռուսաստանեան միջ-կառավարական յանձնաժողովի աշխա տանքներուն:
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձաց են նաեւ մարդասիրական բնագաւառէն ներս համագործակցութեան զարգացման հարցերուն, ընդգծելով այս բնագաւառէն ներս համապարփակ համաձայնագրի մշակումը աւարտել յառաջիկային։
Հանդիպման ընթացքին նախարարները մտքեր փոխանակեցին արցախեան հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացի վերաբերեալ: Այս ծիրէն ներս Է. Նալբանդեանը երախտագիտութիւն յայտնեց բանակցային գործընթացին մէջ Ռուսիոյ նախագահի կարեւոր ներդրման եւ արտաքին գործոց նախարարի կողմէ ձեռնարկուող ջանքերուն համար: Սերկէյ Լաւրովը վերահաստատեց Ռուսաստանի դիրքորոշումը, առ այն որ ՝՝ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորումը՝ այլընտրանք չունի՝՝:








All the contents on this site are copyrighted ©.