2011-07-08 12:18:33

Հնդկաստանի Քրիստոնեաներու Ազգային Ծոմապահութիւնը Պահանջելու Հաւասարութեան Իրաւունք։


Հնդկաստանի քրիստոնեաները յուլիս 25-27 նախաձեռնած են զանգուածային ազգային ծոմապահութիւն անգամ մը եւս կառավարութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու մարդու իրաւունքի եւ արժանաւորութեան, ինչպէս նաեւ պահանջելու դասակարգերէ դուրս ապրող ''Տալի'' ցեղի ընկերային ու տնտեսական բարգաւաճումը ու հաւասարութեան իրաւունքը։ Երկու օրերու ընթացքին հնդիկ քրիստոնեաները Նիւ Տելհի կը համախմբուին ազգային ծոմապահութիւն կատարելով եւ որուն աւարտին քայլարշաւ կը կատարեն դէպի դաշնակցային ազգային ժողովը։
Նախաձեռնութեան նպատակն է պահանջել յարգանքը սահմանադրական իրաւունքներու յանուն պետական աշխարհականացումի սկզբունքին ու կրօնական ազատութեան։
Քրիստոնեայ ''Տալի'' ները կրկին խտրականութիւն կը կրեն` մէկ իրենց ընկերային պատկանելութեան եւ երկրորդ կրօնքի հետեւանքով եւ յաճախ անոնք դուրս ձգուած են դաստիարակչական դրութենէն եւ զրկուած հանրային բազմաթիւ սպասարկութիւններէն։
Յայտնենք թէ ''Տալի'' ները հնդկաստանին մէջ կը հաշուեն շուրջ 250 միլիոն։ Թէեւ պետութիւնը պաշտօնապէս ջնջած է դասակարգային դրութիւնը սակայն գործնականապէս տակաւին ի զօրու է։
Տալի բառը արդէն հարստահարուած կը նշանակէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.