2011-07-08 12:32:21

Հարաւային Սուտանի Բնակչութիւնը Երկրին Անկախութեան Նախօրեակին Խրախուսուած է, Հակառակ Խնդիրներու Ոչ Ոք Ապագայէն Կը Վախնայ։


Հարաւային Սուտանի անկախութեան` 9 յուլիսի` պաշտօնական հռչակումին նախօրեակին, ''հակառակ հարցերու, ոչ ոք վախ ունի ապագայէն եւ յոյսերը մեծ են'', յայտարարած է գերապայծառ Էտուարտ Քուսալա` առաջնորդը Թոմբուա-Եամպիոյի թեմին։
Յայտնենք որ նոր պետութեան անկախութիւնը հանրաքուէով վճռուեցաւ անցեալ 9 յունուարին։ Նոր պետութիւնը` Հարաւային Սուտանը կը դիմագրաւէ ներգաղթի հարցը, անոնց տուն եւ սնունդ ապահովելը եւ տիրող անապահովութիւնը։
Կաթողիկէ եկեղեցին, կրօնական այլ յարանուանութիւններու հետ միասին տօնախմբութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց Կարտինալ Ճոն Նժու` Նայրոպիի առաջնորդը` մասնակցելու անկախութեան արարողութեան։ Գոհաբանութեան աղօթքներ նախատեսուած են բոլոր յուլիս ամսուան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.